Հայերէն

Պետրոս  Շիրինօղլուի Յայտարարութիւններուն Վերաբերեալ 
Մենք  Տարբեր Թուրքիոյ Մը Մէջ Կ'ապրինք 


Սուրբ Փրկիչ Ազգային  Հիւանդանոցի Հիմնարկի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի 26 Մարտ 2010-ի Վարչապետ Ռէճէփ  Թայյիփ Էրտօղանի հետ հանդիպումէն  ետք տուած յայտարարութեան մեծ  վրդովումով հետեւեցանք: Հանրութեան սխալ տեղեկութիւններ տուող այս յայտարարութեան մէջ կան շատ կէտեր որոնք բացատրութիւններու կարիք ունին:


Շիրինօղլուն «Համայնքի Նախագահ» չէ
Վարչապետութեան  Մամլոյ Կեդրոնին առօրեայ ծրագիրը  Պետրոս Շիրինօղլուն ներկայացուց  որպէս «Հայ Համայնքի Նախագահ», որը սխալ մըն է, ան Սուրբ Փրկիչ Հայկական Հիւանդանոցի Հիմնարկի նախագահն է: Համայնքը ներկայացնել, եւ քաղաքական հարցերու մէջ մեր անունով կարծիք յայտնելը հիմնարկի ղեկավարութեան իրավասութիւններու ծիրին մէջ չէ: Այս պատճառով, Շիրինօղլուի յայտարարութիւնները միայն իրեն կը վերաբերին, ոչ թէ Հայ համայնքին: Հանրային կարծիքը մոլորեցնողներէն կը սպասենք որ այս սխալը սրբագրեն: 


Համայնքային գոյքերը տակաւին  չեն վերադարձուիր 
Սուրբ Փրկիչ Հիմնարկի ղեկավարութիւնը, տարիներ առաջ պետութեան  կողմէ գրաւուած ութ անշարժ գոյքի վերադաձուելու առիթով շնորհակալութիւն յայտնելու համար Վարչապետէն ժամադրութիւն առած ըլլայ նոյնիսկ, համայնքային գոյքերու գրաւումի վերաբերեալ հարցը տակաւին ամբողջովին չէ լուծուած: Այս հարցին վերաբերեալ նետուող քայլերը հարցին մասնագէտներուն կողմէ յաճախակիօրէն ծայր աստիճան անբաւարար եւ անլուրջ ըլլալով կը որակուին: (Պետութեան գրաւած համայնքային հիմնարկներու գոյքերու վերադաձման համար, Հիմնարկներու Ընդհանուր Տնօրենութեան տրուած 1410 դիմումէն, միայն 96-ին հաւանութիւն տրուած ըլլալը, իրավիճակին կշիռը ցոյց կու տայ:) 


Մեր Թուրքիոյ իրականութիւնը  տարբեր է 
Շիրինօղլուի «Հայերը  Թուրքիոյ մէջ ապահով կը զգան, Թուրքիոյ մէջ ապրող հայէ մը գանգատ մը լսա՞ծ  եք, կա՞յ արդեօք, կա՞յ արդեօք» հարցումներուն  դիմաց կ'ըսենք «Մենք երեւի թէ տարբեր Թուրքիոյ մը մէջ կ՛ապրինք»: Ան կրնայ ինքզինք ապահով զգալ, բայց Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերուն ապահով զգալը սուտ մըն է։ Հայերը այս երկրին մէջ ցեղամօլութեան և խտրականութեան ենթակայ են, միջազգային հարաբերութիւններու մէջ առեւտուրի առարկայ ըլլալով կը գործածուին, եւ կտրուկ հակահայութիւնը կը շարունակուի հասարակութեան մեծամասնութեան մօտ:։ Շիրինօղլուէն կը սպասէինք որ, ինք երեք տարի առաջ Հրանդ Տինքին ինչպէս սպաննուած ըլլալը յիշեր և Վարչապետին ալ յիշեցներ թէ սպաննութեան յետին իսկական ուժերուն յայտնաբերուելուն ուղղութեամբ ոչ մէկ իրական քայլ առնուած է։ 


Մեղմացնել չէ, անցեալին հետ առերեսուիլ 
1915-ի դէպքերը «ընկերական  վէճ» որակուիլը մեղմացնել է  20-րդ դարու սկիզբը 1,5 միլիոնէն  աւելի հայ բնակչութեան, աշխարհի  չորս կողմը սփռուելու ստիպուած  եւ Թուրքիոյ մէջ 60 հազարէն պակասի  հասած վիճակին: Մարդկութեան դէմ գործուած այս մեծ ոճիրին մեղմացուիլն ու ծածկելու աշխատանքը կը դատապարտենք: Արդարութեան ճանապարհը անցեալին վրայ ծածկելէն չէ, այլ անոր հետ առերեսուիլէն կ'անցնի: 


Եթէ նպատակը հատուցումն է, ձեւը յայտնի է 
Այս հանդիպումը վարչապետին 100 հազար հայաստանցիներուն երկրէն դուրս  վտարելու սպառնալիքէն կարճ ժամանակ ետք տեղի ունենալը և Շիրինօղլուին «Վարչապետը մեր պատճառով սխալեցաւ» խօսքերով ներում խնդրելը, մեզ կը մղէ մտածել թէ այս ամբողջը կառավարութեան միջազգային հանրային կարծիքին վրայ ազդելու համար հատուցման մը ցուցադրութեան մաս կը կազմէ:։ Որ ազգին որ պատկանին, այս երկրին մէջ կեանքի պայքար տուող փախստականներուն վտարման սպառնալիքը բարոյականէ դուրս է։ Թէեւ այս խօսքերուն բուն սխալը թիւը չէ, այնուամենայնիւ սխալը ճշդելը, Վարչապետին պարտականութիւնն է: Մենք, այս երկրին մէջ պատանդ կամ գրաւական չէ, այլ հաւասար քաղաքացի ըլլալով ապրիլ ուզող հայերս, արտասանած խօսքերուն պատճառով կը դատապարտենք Վարչապետը, և կը հաստատենք Պետրոս Շիրինօղլուի յայտարարութիւններուն մեր բաձառցակ անհամաձայնութիւնը: